Իտալացի միջազգային փորձառու եւ անուանի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ շաբաթ, 19 մայիսին, իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ իր ակումբին հետ, որմէ ետք պիտի հեռանայ իր կազմէն:
«Վերոնայի դէմ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Քալչիօ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի ըլլայ վերջինը` նկատի ունենալով, որ որոշեցի հեռանալ խումբէն: Ստացայ շարք մը հետաքրքրական առաջարկներ, որոնց կ՛անդրադառնամ յառաջիկային, երբ այս տարեշրջանը աւարտի: Պիտի յայտարարեմ արհեստավարժ ասպարէզիս գծով վերջնական որոշումս», ըսաւ 40 տարեկան Պիւֆոն:



