Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 2020-2021 տարեշրջանին աւարտը մնալ խումբին հետ:
Ան ակումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2016-ին: