Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին իրարու դէմ յանդիման եկան երբեք այս տիտղոսին չտիրացած Գանձասար-Կապանը եւ Ալաշկերտը:
Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, ինչ որ չյստակացուց տիտղոսակիրին անունը:
Գանձասար – Կապան փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: