Պասքեթպոլ. ԱԼՖԱ-ի Կազմակերպած Անդամալոյծներու Իւրայատուկ Մրցումը
Կազմակերպութեամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ անդամալոյծներու պասքեթպոլի առաջին իւրայատուկ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սատաքա Պէյրութի եւ Թրիփոլիի անդամալոյծներու մարզական միութեան խումբերը: Այս մրցումին մասնակցեցան 19 խաղացողներ: Մրցումը, որ ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ եւ որուն ընթացքին տեսնուեցան ժպտուն դէմքեր, աւարտեցաւ հիւսիսային Լիբանանի կազմին յաղթանակով` 32-30 արդիւնքով: Այս մրցումը կը հովանաւորէր հաղորդակցութեանց...

