Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած Քարաթէի երիտասարդական աշխարհի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի Քարաթէի ֆետերասիոնը ներկայացնող 5 մարզիկները, ունենալով բաւական լաւ ելոյթներ, տիրացան 4 մետալի:
Արծաթ մետալի տիրացան Յովհաննէս Սարգսեան եւ Գէորգ Գէորգեան, իսկ պրոնզ մետալի` Վահագն Յակոբեան եւ Մհեր Գէորգեան:
Յատկանշական է նաեւ այն, որ ախոյեանութեան «լաւագոյն մենամարտողներուն» համար նախատեսուած 2 մրցանակներուն ալ արժանացան հայրենի մարզիկներ Յովհաննէս Սարգսեան եւ Վահագն Յակոբեան: