Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ապտել Ռահիմ Մոհամետ մահացաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Եգիպտոս – Սէուտական Արաբիա մրցումէն ետք (2018-ի մոնտիալ):
Եգիպտական մամուլը յայտնեց, որ ան կը գտնուէր եգիպտական պատկերասփիւռի կայանի մը մէջ, ուր կը պատրաստուէր մրցումին մասին խօսիլ:
95-րդ վայրկեանին Սէուտական Արաբիոյ նշանակած կոլէն ետք մեկնաբանը ուշագնաց եղած է:
Զայն փորձած են ուշքի բերել, որմէ ետք տեղափոխած են հիւանդանոց` առանց սակայն անոր կեանքը փրկել կարենալու:
Անոր գործընկերը յայտնեց, որ ան առողջական որեւէ հարց չունէր, բայց ըստ երեւոյթին, Եգիպտոսի կազմին թոյլ տուած կարգ մը սխալները ծանր ազդած են անոր վրայ: