Լիբանանի ծովային մոթորներու ֆետերասիոնի նախագահ Ամիրալ Էտմոն Շաղուրիի յատուկ հրաւէրով, հինգշաբթի, 28 յունիսին, Լիբանան կ՛այցելէ միջազգային ծովային մոթորներու ֆետերասիոնի նախագահ իտալացի Ռաֆայէլ Քիոլլի: Ան Լիբանանէն կը մեկնի երկուշաբթի, 2 յուլիսին:
Անոր այս այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուի միջազգային ծովային մոթորներու միջազգային ֆետերասիոնին 91-րդ համագումարին կայացման հարցը: Սոյն համագումարը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Լիբանան, 14-21 հոկտեմբերին:
Քիոլլիի այցելութեան առիթով Շաղուրի պիտի կազմակերպէ յատուկ ընթրիքի երեկոյ մը, կիրակի, 1 յուլիսին` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու: