Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը նոր տարերջանը յայտարարեց բացուած, երբ կիրակի, 24 յունիսին կազմակերպեց Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը, որ կը կրէր ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Թանիոս Միրի անունը:
Անիկա սկիզբ առաւ Մարինա Տըպպայէի մայրուղիէն` մասնակցութեամբ աւելի քան 75 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 10 ակումբներ, ինչպէս նաեւ անոր մասնակցեցան Ներքին ապահովութեան ուժերէն ու Լիբանանեան բանակէն տարրեր եւ այլ անհատներ, որոնք որեւէ ակումբի մաս չեն կազմեր:
60 քկ դասակարգին մէջ (Մասթըրզ) առաջին դիրքը գրաւեց Մոհամետ Ալի (ՀՄՄ Պէյրութ), որ արձանագրեց 1 ժամ 37′ 19″ արդիւնք մը:
Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ (երիտասարդներու մրցումին) առաջին հանդիսացաւ Եան Պուզան (Պայք Լեպանոն), որ արձանագրեց 1 ժամ 47′ 00″ արդիւնք մը:
Գլխաւոր մրցումին (80 քմ) առաջին դիրքը խլեց Յովսէփ Գանլըճեան (Պայք-Լեպանոն. 2017-ին արագ մրցումի Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան): Ան ժամանման գիծ հասաւ, երբ սփրինթով գերազանցեց բազմաթիւ հեծելանւորդներ` անոնց վրայ ունենալով երեքուկէս վայրկեանի առաւելութիւն մը: Ան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին, երբ արձանագրելով 2 ժամ 06′ 50″ արդիւնք մը, ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը:
Վերջապէս, աղջկանց 30 քմ մրցումին առաջին հանդիսացաւ Քարոլ Պոյաճեան (ՀՄՄ Անթիլիաս):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու, ֆետերասիոնին ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը հովանաւորող «Սքոթ» ընկերութեան, ինչպէս նաեւ «Քոմըրշըլ ինշուրընս»-ի ներկայացուցիչներուն:
Յառաջիկայ կիրակի, 1 յուլիսին, Զաարուր-Պիսքանթա մայրուղիին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութիւնը: