Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թարակունայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող 2018-ի միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն` մասնակցելով տարբեր տեսակի մարզաձեւերու:
Երէկ, ծանրաբարձութեան մրցումներուն, Լիբանան տիրացաւ արծաթ մետալի մը` շնորհիւ Հալա Ֆաթթուհի, որ յաջողեցաւ բարձրացնել 115 քկ` 1 քկ-ով միայն ետ մնալով իր թուրք մասնակիցէն: Երրորդ դիրքը գրաւեց թունուզցի մասնակիցը (113 քմ):
Լիբանանցի որեւէ այլ մարզիկ ցարդ չյաջողեցաւ մրցանակային այլ դիրքի մը տիրանալ:



