Նախորդ շաբաթավերջին Անթունիէ համալսարանը (Պաապտա-Հատաս), ընդունեց «Ի. Էս. Ճի.» (Փարիզ, Ֆրանսա) մարզական խմբակցութեան տնօրէն Ժան-Քլոտ Սորժը:
Ան ներկայ պիտի ըլլայ Անթունիէի առաջին շրջանաւարտներու «Էմ. Պի. Էյ.»-ի յատուկ ծրագիրին ներկայացման հանդիսութեան:
Այդ շրջանաւարտները արդէն իսկ ստանձնած են տարբեր տեսակի կարեւոր պաշտօններ` իրենց ձեռք ձգած յաջողութիւններուն շնորհիւ:
Այս գծով կարելի է յիշել «Իւրօ-Սփոր»-ի եւ «Նայք»-ի ընկերութիւններուն մէջ լիբանանցի այդ շրջանաւարտներուն ստանձնած պաշտօնները: