Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Թունուզ Նշանակեց Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն 2500-րդ Կոլը

2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցած Թունուզ - Փանամա մրցումին ընթացքին, 51-րդ վայրկեանին Թունուզի յառաջապահ Պեն Եուսեֆ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը: 27 տարեկան յառաջապահին այդ կոլը դարձաւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն 2500-րդը: 2006-ի մոնտիալին Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Մարքուս Ալպեք նշանակած էր մոնտիալներու պատմութեան 2000-րդ կոլը: Վերոնշեալ մրցումին, Պեն Եուսեֆ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի բերդապահ` նկատի...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- 1-16-րդ Հանգրուանի Խումբերը Յստակացան. 10-ը` Եւրոպայէն, 4-ը` Հարաւային Ամերիկայէն, 1-ը` Ասիայէն Եւ 1-ը` Հիւսիսային Ամերիկայէն - Այսօր` Հանգիստի Օր Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին 15-րդ օրը, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ, որոնցմով վերջ գտան Ա. հանգրուանի մրցումները եւ յստակացան այն 16 խումբերը, որոնք ապահովեցին 1-16-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Այդ 16 խումբերէն 10-ը, Եւրոպայէն են, 4-ը` Հարաւային Ամերիկայէն, 1-ը`...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանան Յաղթեց Յորդանանի Եւ Անոր Հետ Բաժնեց Պարագլուխի Դիրքը

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Յաղթեց Յորդանանի Եւ Անոր Հետ Բաժնեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ երէկ գիշեր ճակատեցաւ Յորդանանի դէմ, բաւական կարեւոր եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին նկատմամբ` 77-76 արդիւնքով: Այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն արդիւնքներուն հիմամբ կը յստականան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին Չինաստանի մէջ կատարուելիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Նախքան յաւելեալ մանրամասնութիւններուն անցնիլը, շատ մեծ կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնալ այն...

Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Աղջկանց Ֆութպոլի Երիտասարդական Առաջին Ախոյեանութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) կնքուեցաւ յատուկ համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց ֆութպոլի երիտասարդական (18 տարեկանէն վար) առաջին ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 20-25 յուլիսին, Սայտայի մէջ գտնուող Ռաֆիք Հարիրիի անուան մարզադաշտին վրայ: Մասնակցող չորս խումբերը պիտի ըլլան Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին եւ Մոնկոլիա: Վերջինս մաս կը կազմէ Արեւելեան Ասիոյ ֆութպոլի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելիին Կը Մասնակցին 29 Ինքնաշարժներ

Ինչպէս ծանօթ է, 6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 769 քմ: Կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», յայտարարեց, թէ այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 29 ինքնաշարժներ: Այս ռելիին մասնակցող վարորդներուն անունները կը հրապարակենք «Ազդակ»-ի վաղուան թիւով:

«Եւրոպայի Լիկա». Բանանց Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Խաղայ Իր Սեփական Դաշտին Վրայ

Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Բանանց ֆութպոլի ակումբին մարզադաշտը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ երկրորդ մարզադաշտ, ինչ որ կը նշանակէ, որ խումբը կրնայ «Եւրոպայի լիկա»-ի զտումի մրցումները խաղալ իր սեփական դաշտին վրայ: Բանանցի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, թէ ասիկա կը նշանակէ, որ զտումի Ա. հանգրուանին, Բանանց 11 յուլիսին երթի իր մրցումը Սարայեւօ խումբին դէմ պիտի կատարէ իր դաշտին...

Հայ Ֆութպոլիստը Պիտի Չմեկնի Ազրպէյճան

Լիւքսամպուրկեան Փրոկրես ֆութպոլի ակումբը «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին պիտի մրցի ազրպէյճանական Կապալայի դէմ: Անոնց միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումը` 19 յուլիսին: Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք երթի մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել հայ ֆութպոլիստ Ալեքսանտր Կարապետեանը, որ մաս կը կազմէ Փրոկրեսի հիմնական խումբին: Ակումբը որոշում տուաւ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով առանց յառաջապահ Կարապետեանին...

Նատալ. «10 Տարի Ետք Թենիսը Կրնայ Վտանգուած Ըլլալ»

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Ռաֆայէլ Նատալ մտավախութիւն յայտնեց, որ քանի մը տարի ետք թենիսի իմաստը կը փոխուի` սահմանափակուելով քանի մը գործողութեամբ: «Թենիսի մէջ, մատուցման միջին արագութիւնը կ՛աճի, եւ թենիս խաղացողները կը դառնան աւելի զօրաւոր: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է զարգանայ մեր մարզաձեւը: Կը կարծեմ, որ 10 տարի ետք թենիսը կրնայ վտանգուած ըլլալ», կ՛ըսէ սպանացի թենիսմենը:...

Իվան Եաքան Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Իվան Եաքան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ պելճիքական Էյպեն խումբին հետ: Անոր նախկին ակումբն էր Լիերս: Եաքանի նոր ակումբը հանդէս կու գայ Պելճիքայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, իսկ խումբին մարզիչն է ֆրանսացի նախկին ֆութպոլիստ Քլոտ Մաքելելէ: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վերջերս իր նորամուտը նշեց Հայաստանի հաւաքականին հետ` Մալթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, եւ...

Ռելի. «Փորշ- Սուփըր-Քափ». Օմանցի Զուպէյր Կը Յուսայ Լաւ Արդիւնքի Հասնիլ Աւստրիոյ Մէջ

Այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Աւստրիոյ «Փորշ-սուփըր-Քափ»-ի ռելիի մրցումը, որ պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումը: Օմանցի փորձառու վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր, որ առաջին երկու հանգրուաններուն Պարսելոնայի եւ Մոնաքոյի մէջ կէտեր ապահովեց, յոյսով է, որ Աւստրիոյ մէջ եւս պիտի յաջողի յաւելեալ կէտեր ապահովել: Ան երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով կը մասնակցի «Փորշ-սուփըր-Քափ»-ի ռելիներու ախոյեանութեան:

2018-ի Մոնտիալ. Արժանթինի Կատարած Մրցումէն Ետք Մարատոնա Ունեցաւ Առողջական Խնդիրներ

Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա 2018-ի մոնտիալին գծով իր երկրին կատարած վերջին մրցումին այդքան ալ հանգիստ չէր թուեր: Նիկերիոյ դէմ կատարուած յաղթական մրցումէն (2-1) անմիջապէս ետք ան ունեցած է առողջական խնդիրներ, երբ տակաւին կը գտնուէր պատուոյ թրիպիւնին մէջ: Երէկ լրատու գործակալութիւններ, անդրադառնալով Մարատոնայի առողջական վիճակին, նշեցին, որ անոր մօտ թմրանիւթերու գործածութեան պարագայ յայտնուած է: 57 տարեկան Մարատոնա չէ ուզած...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Աշխարհի Գործող Ախոյեան Գերմանիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն - Պրազիլ – Մեքսիքա 1-16-րդ Հանգրուանի Զօրաւոր Ճակատում Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին 14-րդ օրը` չորեքշաբթի, 27 յունիսը բաւական չարաբաստիկ օր մը եղաւ աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիոյ համար, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Հարաւային Քորէայէն, հրաժեշտ տուաւ 2018-ի մոնտիալին` գրաւելով 4-րդ եւ վերջին դիրքը: Այսպիսով, մոնտիալի իր պատմութեան մէջ,...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան – Յորդանան Կարեւոր Մրցումը

Ասիոյ գօտիին մէջ (Գ. խմբակ) տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 28 յունիսին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Յորդանանի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ աշխարհի բաժակի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ...

Յատուկ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան.  «Ֆիթնես Զոն»-ի Տըպպայէի Նոր Մասնաճիւղին Բացումը

Յատուկ Հրաւիրեալներու Ներկայութեան. «Ֆիթնես Զոն»-ի Տըպպայէի Նոր Մասնաճիւղին Բացումը

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Էյ. Էն. Պուխաթեր» եւ «Ֆիթնես Զոն» կատարեցին վերջինիս Տըպպայէի նոր կեդրոնին բացումը: Յատուկ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի տարածքին բազմաթիւ մասնաճիւղեր ունեցող «Ֆիթնես Զոն» իր այս նոր կեդրոնին բացումով կու գայ դիւրացնելու լիբանանցիներուն կեանքը` անոնց առիթ տալով իրենց առաւօտեան մարզանքը կատարելու հոն, ապա աւելի կազդուրուած վիճակի մէջ ուղղուելու իրենց աշխատանքներուն: Մամլոյ ասուլիսին...

Միջերկրականեան Խաղեր – 2018. Լիբանանցի Մարզիկներուն Արձանագրած Արդիւնքները Թենիսի Եւ Փինկ Փոնկի Մրցումներուն

Թարակունայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցող միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն հինգերորդ օրը, պայքարի մէջ մտան լիբանանցիները` թենիսի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն: Թենիսի մրցումներուն, Հետի Հապիպ յաղթելէ ետք սպանացի իր մրցակիցին, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Իսկ տղոց զոյգի մրցումներուն, Ֆետի Հապիպ - Ճիովանի Սըմահա զոյգը, յաղթելով իր մրցակիցին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Փինկ փոնկի աղջկանց անհատական մրցումներուն, Մալաք Խուրի արձանագրեց երեք յաղթանակ...

2018-ի Մոնտիալ. Հեքթոր Քուփըր Լքեց Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբը դուրս մնաց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալէն, երբ իր կատարած երեք մրցումներուն չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել: «Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Հեքթոր Քուփըր իր հրաժարականը ներկայացուց Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` խումբին Ռուսիայէն հեռանալէն ետք: Ան Եգիպտոսի խումբին մարզիչ նշանակուած էր 2015-ին: Անոր հետ Եգիպտոս 2017-ին...

Աւստրալիա Մնաց Առանց Մարզիչի

Փերուէն իր կազմին` Աւստրալիոյ 2-0 արդիւնքով կրած պարտութենէն ետք, խումբի մարզիչ Պերթ Վան Մարվէյք յայտարարեց, թէ կը լքէ մարզիչի իր պաշտօնը: Ան ըսաւ, թէ 2018-ի մոնտիալին խումբին արձանագրած արդիւնքները կը նկատէ գոհացուցիչ` նկատի ունենալով, որ ի յայտ եկաւ, որ իր կազմը առանց միջազգային աստղերու կրնայ լաւ ֆութպոլ խաղալ:

2018-ի Մոնտիալ. Մեսսի Հաւասարեցաւ Մարատոնայի Եւ Պաթիսթութայի Մրցանիշներուն

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախանցեալ օր Նիկերիոյ դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը (2-1), Արժանթինի ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ երրորդ ֆութպոլիստը, որ երեք տարբեր մոնտիալներու ընթացքին կը դառնայ կոլի հեղինակ: Նախապէս այսպիսի իրագործում կատարած էին Տիեկօ Մարատոնա եւ Կապրիել Պաթիսթութա:

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Արժանթին Դժուարութեամբ Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը - Ֆրանսա - Դանիա Մրցումը` Այս Մոնտիալի Առաջին Կոլազուրկ Հանդիպումը Երէկ, 2018-ի մոնտիալին 13-րդ օրը, Ֆրանսա - Դանիա մրցումը եղաւ այս մրցաշարքին առաջին կոլազուրկ հանդիպումը (0-0), մինչ անդին Արժանթին յաջողեցաւ շարունակել մրցաշարքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելով Նիկերիոյ: Մարքոս Ռոխօ հանդիսացաւ Արժանթինի փրկարարը: Սկսելով Գ. խմբակէն, գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ֆրանսա...

Պասքեթպոլ. Յորդանանի Եւ Սուրիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումին Տոմսերուն Վաճառքը Կը Շարունակուի

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը շարունակէ պատրաստուիլ Յորդանանի (28 յունիս) եւ Սուրիոյ (1 յուլիս) դէմ կատարուելիք մրցումներուն, որոնք կ՛իյնան աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ: Այս երկու մրցումներուն տոմսերուն վաճառքը կը շարունակուի Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Սովորական թրիպիւնին տոմսերուն գինն է 15 հազար լիբանանեան ոսկի: Անոնց գինը կը հասնի 35, 60 եւ մինչեւ 150...

Page 824 of 1278 1 … 823 824 825 … 1,278

Արխիւներ