Նախանցեալ օր Ալաշկերտի պատուիրակութիւնը հասաւ Մինսք (Պիելոռուսիա)` 10 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու եւ նախապատրաստուելու համար սկովտիական Սելթիքի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Ա. հանգրուանի մրցումին:
Խումբը արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի:
Սկզբունքով հինգշաբթի, 28 յունիսին, Ալաշկերտ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէր Պալթիքա Քալինինկրատի դէմ: Սակայն երէկ նշուեցաւ, որ հայկական կազմին մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուսական այլ խումբ մը` Շիննիք Եարոսլաւը: