Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Լաթվիոյ մէջ:
Հայկական լրատուամիջոցներու համաձայն, 25 տարեկան ֆութպոլիստը պայմանագրութիւն մը կնքեց Լիեփայի հետ, որ Լաթվիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան երկրորդն է:
Անոր նախկին ակումբը Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտն էր, որուն հետ ան ելոյթ ունեցաւ վերջին երկու տարեշրջաններուն ընթացքին: