Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի տղոց հաւաքականը եւ Սուրիոյ հաւաքականը:
Մրցումը աւարտեցաւ Սուրիոյ յաղթանակով` 77-66 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը այսօր կը մեկնի Քոփենհակըն (Դանիա), ուր Եւրօ-2021-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կը մրցի դաշտին տիրոջ դէմ: