Մարզական

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք.  Լիբանան Տիրացաւ Տիտղոսին` Հակառակ Հայաստանէն Կրած Իր Պարտութեան

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ Տիտղոսին` Հակառակ Հայաստանէն Կրած Իր Պարտութեան

Ինչպէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 22 եւ շաբաթ, 23 յունիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ» ընկերութեան կողմէ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երկիրներու ազգային խումբեր` Լիբանան, Հայաստան եւ Քաթար: Մրցաշարքին վերջին օրը Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին, հակառակ անոր որ պարտութիւն կրեց Հայաստանէն, որ բաղդատմամբ Քաթարի դէմ կատարուած մրցումին, շատ աւելի յաջող...

Պասքեթպոլ. Այսօր` Հայաստան – Սուրիա Բարեկամական Մրցում

Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երկուշաբթի, 25 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Սուրիոյ խումբին միջեւ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: Բարեկամական այս մրցումով, Սուրիա պիտի պատրաստուի Լիբանանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (աշխարհի ախոյեանութեան զտում):  

Լիվըրփուլ 180 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Ասենսիոյի Համար

«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը կը փորձէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի 22 տարեկան ֆութպոլիստ Մարքօ Ասենսիոն: Նշուեցաւ, որ գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած խումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահին համար կ՛առաջարկէ 180 միլիոն եւրօ: Սակայն շատ հաւանական է, որ Ռէալ Մատրիտ այդքան ալ համաձայն չգտնուի այդ գումարին` նկատի ունենալով, որ նախապէս կ՛ըսուէր, թէ ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արցախ Երկկողմանի Համաձայնութեամբ Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Արսէն Յովհաննիսեանի Հետ

Հայկական ֆութպոլի կազմերէն Արցախ, որ 2018-2019 տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց խումբի ֆութպոլիստ Արսէն Յովհաննիսեանի հետ: Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստին` համագործակցութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզին շարունակութեան մէջ:

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ. Պրազիլ 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Քոսթա Ռիքային… Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն

Այսօր` Գերմանիա - Շուէտ Տաք Ճակատում Մը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Ե. խմբակին մէջ Պրազիլ, որ մրցեցաւ Քոսթա Ռիքայի դէմ, արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով: Սակայն Պրազիլ իր այս յաղթանակը արձանագրեց... մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, շնորհիւ Ֆելիփէ Քութինիոյի (91-րդ) եւ Նէյմարի (97-րդ) նշանակած կոլերուն: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Քաթարէն (72-63)

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Քաթարէն (72-63)

Այսօր` Լիբանան - Հայաստան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` Քաթարի դէմ, 72-63 արդիւնքով պարտուեցաւ (19-21, 14-17, 18-16, 12-18): Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը (12) նշանակեց Արարատ Աբրահամեան, ապա` Ալպերթ Թադէոսեան եւ Թոտ Օպրայըն (11-ական), մինչ Արտեմ Թաւալաքեան նշանակեց 10 կէտ: Իսկ Քաթարէն Ապտիւլրահման Սաատ նշանակեց 21...

Հեծելարշաւ. Կիրակի, 24 Յունիսին Լիբանանի Բաժակի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 24 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի բաժակի մրցումը, որ կը կրէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Թանիոս Միրի անունը: Ան 1971-էն 1998 եղած է ֆետերասիոնի նախագահ, իսկ 1998-էն 2001` պատուոյ նախագահ: Մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), «Կոլտըն Պիչ»-էն դէպի Տըպպայէի շրջանին մէջ գտնուող Ներքին ապահովութեան ուժերու զօրանոցը: Անոր կրնան մասնակցիլ բոլոր...

Պասքեթպոլ. «Քո-Լիկ»-ի Մրցաշարք. Տար Հանտասա Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Իրաւաբաններու Սենտիքայի Խումբին

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած պասքեթպոլի «Քո-լիկ» մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ մրցումը` Տար Հանտասայի եւ Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին միջեւ: 2018-ի տիտղոսակիրը դարձաւ Տար Հանտասա, որ երկարաձգումէն ետք 69-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 60-60 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին մաս կազմող Շարպել Ռըզք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարն է, նշանակեց պազըր-պիթըր...

Լիբանանի Դրօշակը Բարձրացաւ Թարակունայի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, սպանական Թարակունա քաղաքը, կը հիւրընկալէ միջերկրականեան 18-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 26 երկիրներէ. շուրջ երեք հազար մարզիկներու: Անոնց կարգին է նաեւ Լիբանան: Երէկ խաղերուն կայացման վայրին մէջ բարձրացաւ լիբանանեան դրօշակը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. 2018-2019 Տարեշրջանի Կարգ Մը Ախոյեանութիւններուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի կարգ մը ախոյեանութիւններու եւ բաժակի մրցաշարքերու վիճակաձգութիւնը: Տեղի ունեցաւ Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին երկու տարբեր բաժակի մրցաշարքերուն վիճակագրութիւնը (առաջին դասակարգի առաջին հինգ դիրքերը գրաւող խումբերը առանձին, վերջին հինգ դիրքերը գրաւողները` առանձին): Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ Պեքաա Ռիատի - Ռասինկ Ախա...

Ֆրետ Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտը պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր միջնապահ Ֆրետը, որ լքելով իր ակումբը` Շախտիոր Տոնեցքը, տեղափոխուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»: Պրազիլի ազգային խումբին մարզիկը Մանչեսթըրի հետ կնքեց 5+1 ձեւաչափով պայմանագրութիւն մը: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, 25 տարեկան Ֆրետի փոխանցման համար ուքրանական ակումբը պիտի ստանայ 60 միլիոն եւրօ: Ֆրետ, որ Շախտիոր Տոնեցքին մաս կը կազմէ 2013-էն ի վեր, 2015-ին մէկ տարիով կախակայուեցաւ խթանիչ դեղերու...

Ճատրակ. «Կրանտ Չես-Թուր». Արոնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Մամետեարովին

Փարիզի մէջ շարունակուող «Կրանտ-չես-թուր»-ի արագ ճատրակի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովի դէմ: Ան նախապէս յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ալեքսանտր Կրիսչուքին դէմ, մինչ հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ Ուեսլի Սոյէն, Վլատիմիր Քրամնիքէն, Վիշվանաթան Անանտէն եւ Հիքարու Նաքամուրայէն: Այս հանգրուանէն ետք Արոնեան այժմ առաւելագոյն 12 կէտէն կրցած է ապահովել 9 կէտ: Անկէ մէկ կէտ աւելի ունի...

Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Խումբի Ախոյեանութեան Մասնակցողները

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին մասնակցելու համար պաշտօնական դիմումնագիր ներկայացուցած են հետեւեալ 8 ակումբները. Փիւնիկ, Արարատ - Արմենիա, Լոռի ՖԱ, Արցախ, Ալաշկերտ, Գանձասար-Կապան, Բանանց եւ Արարատ: Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ մրցումներուն գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ աւելի ուշ:

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա Եւ Խրուաթիա Ապահովեցին 1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին 8-րդ օրը, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն արձանագրուեցաւ յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը: Ֆրանսա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փերուն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քիլիան Մպափէ` 34-րդ վայրկեանին: Շուրջ 33 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, օրուան իրաւարարն էր Մոհամետ Ապտալլա Մոհամետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Մրցումը տեղի...

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք.  Լիբանան Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Քաթարի Դէմ` 87-52 Արդիւնքով

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Քաթարի Դէմ` 87-52 Արդիւնքով

Այսօր Հայաստան - Քաթար «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ) երէկ գիշեր, ազդանշանը տրուեցաւ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Քաթար եւ Լիբանան: Բացման մրցումէն առաջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքին պաշտօնական բացումը` գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը գործադրութեամբ: Ապա տեղի ունեցած Լիբանան - Քաթար մրցումը վերջ գտաւ մայրիներու կազմին հանգիստ յաղթանակով` 87-52 արդիւնքով (19-15, 19-15, 28-11, 21-11): Լիբանան...

2018-ի Մոնտիալ. Ռոսթովի Հայ Երիտասարդներուն Անակնկալը` Ուրուկուէյցի Համակիրներուն

Տոնի Ռոսթովի հայ երիտասարդները անակնկալ մը պատրաստած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած առաջին երկրին` Ուրուկուէյի համակիրներուն համար: Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին մասնակցելու համար Ռոսթով եկած ուրուկուէյցի համակիրներուն հայաշատ քաղաքին մէջ կը սպասէր Ուրուկուէյի դրօշակը, որուն վրայ գրուած էր. «Շնորհակալութիւն` Ուրուկուէյ, Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ընդունած երկիրը ըլլալուդ համար»: Տոնի Ռոսթովի հայ երիտասարդական միութեան պատասխանատու Գէորգ Գրիգորեան նշած է, որ այս...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի 41-րդ Ռելիին Կայացման Գծով

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի 41-րդ Ռելիին Կայացման Գծով

Երէկ` հինգշաբթի, 21 յունիսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» իր կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին մասին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս ռելին տեղի պիտի ունենայ 6-8 յուլիսին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, որոնց...

2018-ի Մոնտիալ. Սալահ Շատ Հաւանաբար Բացակայի Եգիպտոսի Կատարելիք Վերջին Մրցումէն

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով շատ հաւանաբար բացակայի 2018-ի մոնտիալի մրցաշարքին գծով Սէուտական Արաբիոյ դէմ Եգիպտոսի կատարելիք վերջին մրցումին: Նախապէս ան հերքած էր շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, ըստ որոնց ինք հարցեր ունի ֆետերասիոնի նախագահ Հենի Ապու Ռիտայի հետ: Սալահ դժգոհ էր հաւաքականին նախապատրաստական հանգրուանէն: Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը հաւաքականի փորձերուն...

Պայէրն Միւնիխ Պատրաստ Է Ծախելու Պոաթենկը

Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին համաձայն, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ժամանակ, Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ժերոմ Պոաթենկ շատ հաւանաբար այլ կազմի մը միանայ: Միւնիխեան ակումբը պատրաստ է 50-60 միլիոն եւրոյի փոխարէն անոր ստորագրութիւնը ծախելու: Վերջին ժամանակաշրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 29 տարեկան Պոաթենկով մօտէն հետաքրքրուած էին Եուվենթուս եւ Լիվըրփուլ:

Հայկական Ֆութպոլ. Անաթոլի Այվազով Տեղափոխուեցաւ Բանանց

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Բանանց Երեւան պայմանագիր մը ստորագրեց բերդապահ Անաթոլի Այվազովի հետ: 22 տարեկան բերդապահը վերջին չորս տարեշրջաններուն մաս կազմած է Հայաստանի ախոյեանութեան` ելոյթ ունենալով Փիւնիկի եւ Շիրակի հետ: Բանանցի այժմու գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան գովասանքով արտայայտուեցաւ Այվազովի տեղափոխման մասին` նշելով, որ անոր ներկայութեան խումբը կրնայ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Յայտնենք, որ վերջերս Հայաստանի...

Page 826 of 1278 1 … 825 826 827 … 1,278

Արխիւներ