Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ

June 25, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Գերմանիա Դժուարութեամբ Յաղթեց Շուէտի (2-1)` Իր Յաղթանակի Կոլը Նշանակելով… 95-րդ Վայրկեանին
– Ցարդ Մեծագոյն Յաղթականը` Անգլիա (6-1)
– Այսօր Կ՛աւարտին Ա. Եւ Բ. Խմբակներուն Ա. Հանգրուանի Մրցումները

Վերջին երկու օրերուն, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ծիրին մէջ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ:

Զ. խմբակին մէջ, Գերմանիա դժուարութեամբ յաղթեց Շուէտի` իր յաղթանակի կոլը նշանակելով 95-րդ վայրկեանին եւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով:

Պելճիքա եւ Անգլիա, որոնք Ա. հանգրուանի վերջին մրցումին պիտի ճակատին իրարու դէմ, արձանագրեցին բաւական մեծ յաղթանակներ:

Անոնց արձանագրած յաղթանակները պատճառ դարձան, որ նոյն խմբակին մէջ գտնուող երկու այլ կազմեր` Թունուզ եւ Փանամա, չկարենան անցնիլ յաջորդ հանգրուան` մնալով առանց կէտի:

Անգլիա ցարդ մեծագոյն յաղթանակը արձանագրած է (6-1):

Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներով Ա. եւ Բ. խմբակներուն մէջ կ՛աւարտին Ա. հանգրուանի մրցումները:

Գագաթի ճակատում մը պիտի ըլլայ Ռուսիա – Ուրուկուէյ մրցումը:

Ստորեւ` վեց մրցումներուն նկարագրականները.

Պելճիքա – Թունուզ` 5-2

Է. խմբակին մէջ տեղի ունեցած Պելճիքա – Թունուզ մրցումը աւարտեցաւ եւրոպական կազմին յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով:

Այսպիսով, Պելճիքա ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը:

Երկուքական կոլ նշանակեցին Էտեն Հազար (6-րդ` փենալթիով եւ 51-րդ) եւ Ռոմելու Լուքաքու (16-րդ եւ 45-րդ), մինչ վերջին կոլը նշանակեց Միքի Պաթսուայի (90-րդ): Իսկ Թունուզի կոլերը նշանակեցին Տիլան Պրոն (18-րդ) եւ Ուըհպի Խազրի (93-րդ):

Սպարտակի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին իրաւարարն էր Միացեալ Նահանգներէն Ժեր Մարուֆօ, մինչ հանդիսատեսներուն թիւն էր 44 հազար:

Այստեղ յայտնենք, որ Լուքաքու, իր նշանակած այս երկու կոլերուն շնորհիւ, կրկնեց Մոնտիալին գծով արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնայի մրցանիշը` յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով նշանակելով երկու կոլ: Մարատոնա այդ իրագործումը կատարած էր 1986-ի մոնտիալին:

Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ վերոնշեալ մրցումին, մոնտիալի պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` նկատի ունենալով, որ յաջորդաբար 27-րդ մրցումն ըլլալով 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն չարձանագրուեցաւ:

Նախորդ մրցանիշը եղած էր, 1954-ի մոնտիալին (26 մրցում):

Բնականաբար Պելճիքա – Թունուզ մրցումին արդիւնքին հիման վրայ վերջինս դուրս մնաց մոնտիալէն, որովհետեւ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:

Հարաւային Քորէա – Մեքսիքա` 1-2

Զ. խմբակին մէջ, Մեքսիքա 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հարաւային Քորէայի եւ արձանագրելէ ետք իր երկրորդ յաղթանակը, մեծ քայլ մը առաւ դէպի 1-16-րդ հանգրուան: Սակայն Հարաւային Քորէա չկրցաւ հասնիլ յաջորդ հանգրուան:

Քարլոս Վելա (26-րդ փենալթիով) եւ Խաւիէ Հեռնանտեզ (66-րդ) նշանակեցին Մեքսիքայի կոլերը, իսկ Հէունկ-Մին Սոն` ասիական կազմին կոլը (93-րդ):

Մրցումին ներկայ էր 43 հազար հանդիսատես: Իսկ Ռոսթովի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, օրուան իրաւարարն էր Միլորատ Մազիչ (Սերպիա):

Գերմանիա – Շուէտ` 2-1

Դարձեալ Զ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց Մեքսիքայէն (1-0), իր երկրորդ մրցումին բաւական մեծ դժուարութեամբ` 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շուէտին:

Օլա Թոյվոնեն նշանակեց Շուէտի կոլը (32-րդ), իսկ Մարքօ Ռէոս` Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը (48-րդ):

Հակառակ անոր որ Գերմանիայէն Ժըրոմ Պոաթենկ 82-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն անոր խմբակից Թոնի Քրուս փրկեց կացութիւնը, երբ 95-րդ վայրկեանին նշանակեց Գերմանիոյ յաղթանակի կոլը:

Մրցումին ներկայ էր 44 հազար հանդիսատես, իսկ Ֆիշթի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարն էր Սզիմոն Մարչինիաք (Լեհաստան):

Անգլիա – Փանամա` 6-1

Է. խմբակին մէջ, Պելճիքայի նման իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց Անգլիա, որ 6-1 արդիւնքով (այս մոնտիալին ամէնէն բարձր արդիւնքը) ծանր պարտութեան մատնեց Փանաման:

Պելճիքա եւ Անգլիա ապահովեցին 1-16-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ Փանամա եւ Թունուզ, որոնք ցարդ ոչ մէկ կէտ ապահոված են, հրաժեշտ կու տան մոնտիալին` կատարելէ ետք իրենց վերջին մրցումը` իրարու դէմ:

Այս խմբակի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Անգլիա եւ Պելճիքա (հինգշաբթի, 28 յունիս):

Փանամայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Հերի Քէյն, որ հեթրիք մը իրագործեց (22-րդ` փենալթիով, 45-րդ` փենալթիով եւ 62-րդ), այժմ իր նշանակած հինգ կոլերուն շնորհիւ կը գրաւէ կոլ-սքորըրներուն պարագլուխի դիրքը:

4-ական կոլ նշանակած են փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու:

Անգլիոյ մնացեալ երեք կոլերը նշանակեցին Ճոն Սթոնզ (8-րդ եւ 40-րդ) եւ Ժես Լինիարտ (36-րդ): Փանամա իր միակ կոլը նշանակեց 78-րդ վայրկեանին:

Մրցումին իրաւարարն էր եգիպտացի Ժիհատ Ղրիշա: Նիժնի Նովկորոտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 43 հազար հանդիսատես:

Ճափոն – Սենեկալ` 2-2

Ը. խմբակին մէջ, Ճափոն եւ Սենեկալ, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակներ արձանագրած էին, երէկ իրարմէ բաժնուեցան 2-2 հաւասարութեամբ, այսպիսով ապահովելով մրցաշարքին իրենց 4-րդ կէտերը:

Էքաթերինպուրկի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան 32 հազար հանդիսատես:

Իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր իտալացի Ճիանլուքա Ռոքքի:

Լեհաստան – Քոլոմպիա` 0-3

Վերոնշեալ խմբակին մաս կազմող Լեհաստան եւ Քոլոմպիա, երէկ գիշեր վերջին մրցումին ճակատեցան իրարու դէմ:

Անոնք երկուքն ալ այս մրցումը սկսան առանց կէտի` նկատի ունենալով, որ բացման մրցումին պարտութիւններ կրած էին:

Մրցումը աւարտեցաւ Քոլոմպիոյ տպաւորիչ յաղթանակով: Ան 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Երրի Մինա (40-րդ), Ռատամել Ֆալքաօ (70-րդ) եւ Խուան Քուատրատօ (75-րդ) նշանակեցին Քոլոմպիոյ կոլերը:

Իր կրած այս պարտութեամբ, այսպիսով Լեհաստան չկրցաւ յաջորդ հանգրուանի տոմս մը ապահովել` նկատի ունենալով, որ ան կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը եւ առանց կէտի մնաց:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Սէուտական Արաբիա – Եգիպտոս 17:00
Ուրուկուէյ – Ռուսիա 17:00
Բ. ԽՄԲԱԿ
Իրան – Փորթուգալ 21:00
Սպանիա – Մարոք 21:00
Նախորդը

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ Տիտղոսին` Հակառակ Հայաստանէն Կրած Իր Պարտութեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (25 Յունիս 2018)

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.