Սկզբունքով 21 յունիսին Ձորաղբիւրի մարզահամալիրին մէջ Արարատ Երեւան պէտք էր սկսէր նախապատրաստուիլ նոր տարեշրջանին: Բայց խումբը մինչեւ երէկ չէ մարզուած:
Հայկական լրատու աղբիւրներուն համաձայն, խումբին ֆութպոլիստները կը հրաժարին մարզուիլ եւ հանդէս գալ Արկադի Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ:
Ֆութպոլիստները կ՛ուզեն խաղալ Արարատի կազմին հետ, բայց ոչ` Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ:
Անոնք ակումբին հետ ոչ մէկ հարց ունին: Միակ խնդիրը Անդրէասեանն է:
Արարատ ցարդ այս ուղղութեամբ պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած: