Հուփս Պէյրութ ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ ուրբաթ, 29 յունիսին, «Էմփիրիալ Սուիթ» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ այն ծրագիրին, որուն ծիրին մէջ ակումբը պիտի համագործակցի թունուզցի մարզիկ Սալահ Մաժըրի հիմնած ակադեմիային հետ: Ան անցեալին եղած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Տալաս Մավըրիքսի մարզիկ:
Այս ակադեմիային մարզիկներուն ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 13-15 յուլիսին: