Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Սպանիոյ մէջ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, նախորդ շաբաթավերջին Էներժիի կրտսերներու խումբը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ մրցաշարքին կայացման վայրը:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նելլի Նասսար Պուսթանի, խումբին մարզիչն է Մարուն Տիպ, իսկ խումբին մարզիկներն են` Ճօ Ապու Սլէյման, Ռէյ Ապու Սլէյման, Ճոյի Ղալեպ, Էլիօ Պասիլ, Պրայըն Մանսուր, Քարլ Քըզահ, Ճեֆրի Ասի, Ճօ Ապու Սամրա, Փոլ Նիքոլա եւ Ռալֆ Պարուտ: