Կազմակերպութեամբ ԱԼՖԱ ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ անդամալոյծներու պասքեթպոլի առաջին իւրայատուկ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սատաքա Պէյրութի եւ Թրիփոլիի անդամալոյծներու մարզական միութեան խումբերը: Այս մրցումին մասնակցեցան 19 խաղացողներ:
Մրցումը, որ ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ եւ որուն ընթացքին տեսնուեցան ժպտուն դէմքեր, աւարտեցաւ հիւսիսային Լիբանանի կազմին յաղթանակով` 32-30 արդիւնքով:
Այս մրցումը կը հովանաւորէր հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ:



