Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կիրակի, 31 Մարտին` Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան 21-Րդ Եւ Նախավերջին Հանգրուանի Մրցումները

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ: Հրապարակուեցաւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նասեր Պար Էլիաս - Իսլահ Պըրժ Շիմալի 15:30 Պհամտուն Նահտա Պար Էլիաս - Պըրժ 15:30 Նեպի Շիթ Իժթիմահի - Շապապ Պըրժ 15:30...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հրապարակուեցաւ Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի փլէյ-օֆի (Գ. հանգրուան) մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 30 մարտին: Փլէյ-օֆի զոյգերն են` Շանվիլ - Աթլաս, ՀՄԸՄ - Հուփս, Ռիատի - Պիպլոս, Պէյրութ - Մութթահետ: Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ ապահովող խումբը կ՛ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի (կիսաւարտական) մրցումներու իր տոմսը: Առաջին մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Շանվիլ եւ Աթլաս,...

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Ռիատի Պէյրութ ակումբը 2 մրցումով կախակայուեցաւ եւ 12 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով, որոնք նախանցեալ օր Պէյրութի դէմ տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) բաւական հարցեր ստեղծեցին եւ ունեցան ոչ մարզավայել արտայայտութիւններ եւ կեցուածքներ:

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Սերկէյ Մովսիսեան Յաղթեց Եւ Մօտեցաւ Յառաջատարներուն

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի տղոց անհատական ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: Մովսիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որոնք ապահոված են 6,5-ական կէտ, կէս կէտով ետ կը մնան առաջին դիրքին վրայ գտնուող 7 խաղացողներէն:  

Լիլիթ Պօղոսեան Կը Մասնակցի Եւրոպական Խաղերուն

Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունենալիք եւրոպական 2-րդ մարզական խաղերուն: Տարի մը առաջ միջազգային դասաւորման 500-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պօղոսեան, բարձրանալով 226-րդ դիրք, իրաւունք ստացաւ այդ խաղերուն իր տոմսը ապահովել: Եւրոպական այս 2-րդ խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 4 հազար երկսեռ մարզիկներ` 21 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

Եգիպտոսի Մէջ. Հայրենի Լրագրողները Կը Մասնակցին Ֆութպոլի Մրցաշարքի Մը

Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցաշարքին, որ կը կատարուի երրորդ անգամն ըլլալով: 3-6 ապրիլին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Սուտանէն եւ հիւրընկալ երկրէն խումբեր: Մասնակցողներուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան խումբը:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Սոլսքիարի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Օլէ - Կիւնար Սոլսքիարի հետ գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգելու մասին: Նորվեկիացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երեք տարիով:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը Եւ Այսօր Կը Մրցի Լիբանանեան Բանակին Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ, բոլորն ալ` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): ՀՄԸՄ, որ մրցեցաւ Պիպլոսի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, ուր այսօր նոյն վայրին մէջ կը մրցի Լիբանանեան բանակին դէմ (յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին), դարձեալ առանց իր համակիրներուն, յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով: ՀՄԸՄ իր յաղթանակը արձանագրեց 90-83...

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան Կէս Կէտով Ետ Է Յառաջատարներէն

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան յաղթանակներ արձանագրեցին: Շանթ Սարգսեան պարտութիւն կրեց, մինչ Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այժմ ունի 6 կէտ, կէս կէտով ետ կը մնայ...

Գաբրիէլ Ղազարեան. «Արոնեանի Եւ Սարգսեանի Ճատրակի Դպրոցին Մարզիչները Հրաժարեցան Աշխատիլ 120 Հազար Դրամով»

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի առաջին տեղակալ, նախարարի պաշտօնակատար Գաբրիէլ Ղազարեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, թէ Լեւոն Արոնեանի եւ Գաբրիէլ Սարգսեանի ճատրակի մարզադպրոցը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը: Դպրոցին մարզիչները նախարարութեան առաջարկած աշխատավարձքին համաձայն չեն գտնուած: Անոնց կողմէ հիմնուած ճատրակի դպրոցը հոկտեմբեր 2018-էն ի վեր դադրած է նիւթական դժուարութեան պատճառով: Նախարարութիւնը առաջարկած է 120 հազար դրամ, որ սակայն մերժուած...

Արսենալի Հետ Մխիթարեանի Ապագան` Հարցականի Տակ

Անգլիական «Միրըր» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ լոնտոնեան Արսենալին հետ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան անորոշ է: Կը նշուի, որ Արսենալ որոշ սեղմումներ պիտի ընէ, յառաջիկայ ամրան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ 30 տարեկան Մխիթարեան ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներէն մէկն է եւ շաբաթական կը ստանայ 180 հազար սթերլինկ աշխատավարձք: Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը` Արսենալի հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2021-ի ամառ:...

Եւրօ-2020. Հայաստան – Ֆինլանտա Մրցումին Ներկայ Եղան 12.900 Համակիրներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստան - Ֆինլանտա մրցումին, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (Ժ. խմբակ), ներկայ գտնուեցան 12.900 համակիրներ: Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 14.403 հանդիսատես: Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ մրցումին ամէնէն աժան տոմսակին գինն էր հազար դրամ, իսկ ամէնէն սուղը` 9000 դրամ:

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Եւ Քլիփըրզ Եւս Ապահովեցին Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ: Փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ տասի` նկատի ունենալով, որ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Պոսթըն Սելթիքս եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւս ապահովեցին իրենց տոմսերը: Սելթիքս 116-106 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտէն, իսկ Քլիփըրզ` Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն, 122-111 արդիւնքով: Լուքաս Տոնքիչ Թէեւ Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Լուքա...

Ֆապիօ Քուակլիարելլայի Մրցանիշը` Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ֆապիօ Քուակլիարելլա, որ նախանցեալ օր Լիխթնշթայնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-0, Եւրօ-2020) տուպլէ մը իրագործեց, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Սամտորիային մաս կազմող ֆութպոլիստը դարձաւ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը (36 տարեկան, 54 օր), որ կոլ կը նշանակէ Իտալիոյ հետ, երէկ յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Քրիսթիան Փանուչիի (35 տարեկան,...

Ռէալ Մատրիտ – Կերըթ Պէյլ… Բաժանում

Սպանական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց բաժնուիլ իր կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլէն: 29 տարեկան Պէյլ յառաջիկայ ամրան պիտի հեռանայ արքայական ակումբէն, անկախ անկէ, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ ընթացիկ տարեշրջանին մնացեալ հանդիպումները: Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան իր ծրագիրներուն մէջ նկատի չէ առած Պէյլը: Ներկայիս Պէյլով հետաքրքրուած են ցարդ երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ...

Ռամոս Կրկնեց Քասիասի Մրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մալթայի դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին արձանագրուած յաղթանակին (2-0), իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ այսպիսով արձանագրեց իր 121-րդ յաղթանակը եւ այսպիսով հաւասարեցաւ նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի հաստատած մրցանիշին: Նշենք սակայն, որ Քասիասին կը պատկանի նաեւ Սպանիոյ կազմին հետ ամէնէն շատ մրցում կատարելու մրցանիշը` 167...

Լուքաս Հեռնանտեզ Միացաւ Պայէրն Միւնիխին

Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յետսապահ Լուքաս Հեռնանտես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի հետ, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը: Անիկա ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յուլիսին: Անոր այս փոխանցումէն Աթլեթիքօ պիտի ստանայ 80 միլիոն եւրօ, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձքը պիտի կազմէ շուրջ 13 միլիոն եւրօ:

Մուրինիոն` Դէպի Ֆրանսա՞

Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին համաձայն, փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ շատ հաւանաբար մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ: Նշուեցաւ, որ անոր գործակատարը` Ժորժէ Մենտեշ բանակցութիւններ կը վարէ Լիոնի եւ Մոնաքոյի հետ: 56 տարեկան Մուրինիօ նախապէս ըսած էր, թէ յառաջիկայ ամառ պիտի վերադառնայ եւ խումբի մը մարզիչի պաշտօնը ստանձնէ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք (Տղաք). Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 27 մարտին, տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ: Այս երեք մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ): Յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, 1875 կը մրցի Շանվիլի դէմ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Պիպլոս ՀՄԸՄ-ի դէմ, իսկ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատի - Պէյրութ ճակատումը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած նիստին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 2 մրցումով կախակայեց եւ անոր դէմ 500 կէտ (12 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի) տուգանք մը սահմանեց, կիրակի, 24 մարտին տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումէն առաջ եւ անոր ընթացքին խումբին համակիրներուն կողմէ կատարուած ոչ մարզավայել բացագանչութիւններուն պատճառով:...

Page 719 of 1279 1 … 718 719 720 … 1,279

Արխիւներ