Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ֆապիօ Քուակլիարելլա, որ նախանցեալ օր Լիխթնշթայնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-0, Եւրօ-2020) տուպլէ մը իրագործեց, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Սամտորիային մաս կազմող ֆութպոլիստը դարձաւ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը (36 տարեկան, 54 օր), որ կոլ կը նշանակէ Իտալիոյ հետ, երէկ յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Քրիսթիան Փանուչիի (35 տարեկան, 62 օր):
Իտալիա, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի խմբակին (Ժ. խմբակ), ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է:



