Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունենալիք եւրոպական 2-րդ մարզական խաղերուն:
Տարի մը առաջ միջազգային դասաւորման 500-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պօղոսեան, բարձրանալով 226-րդ դիրք, իրաւունք ստացաւ այդ խաղերուն իր տոմսը ապահովել:
Եւրոպական այս 2-րդ խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 4 հազար երկսեռ մարզիկներ` 21 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:



