Սպանական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց բաժնուիլ իր կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլէն:
29 տարեկան Պէյլ յառաջիկայ ամրան պիտի հեռանայ արքայական ակումբէն, անկախ անկէ, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ ընթացիկ տարեշրջանին մնացեալ հանդիպումները:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան իր ծրագիրներուն մէջ նկատի չէ առած Պէյլը:
Ներկայիս Պէյլով հետաքրքրուած են ցարդ երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պայէրն Միւնիխ:



