Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեան Արման Փաշիկեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Շանթ Սարգսեան պարտութիւն կրեց, մինչ Սամուէլ Տէր Սահակեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այժմ ունի 6 կէտ, կէս կէտով ետ կը մնայ աղիւսակը գլխաւորող վեց յառաջատարներէն: Մովսիսեան եւ Յովհաննիսեան ապահոված են 5,5-ական կէտ:



