Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստան – Ֆինլանտա մրցումին, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (Ժ. խմբակ), ներկայ գտնուեցան 12.900 համակիրներ:
Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 14.403 հանդիսատես:
Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ մրցումին ամէնէն աժան տոմսակին գինն էր հազար դրամ, իսկ ամէնէն սուղը` 9000 դրամ:



