Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի տղոց անհատական ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Մովսիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, որոնք ապահոված են 6,5-ական կէտ, կէս կէտով ետ կը մնան առաջին դիրքին վրայ գտնուող 7 խաղացողներէն:



