Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յետսապահ Լուքաս Հեռնանտես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի հետ, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը: Անիկա ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յուլիսին:
Անոր այս փոխանցումէն Աթլեթիքօ պիտի ստանայ 80 միլիոն եւրօ, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձքը պիտի կազմէ շուրջ 13 միլիոն եւրօ:



