Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին համաձայն, փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ շատ հաւանաբար մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ:
Նշուեցաւ, որ անոր գործակատարը` Ժորժէ Մենտեշ բանակցութիւններ կը վարէ Լիոնի եւ Մոնաքոյի հետ:
56 տարեկան Մուրինիօ նախապէս ըսած էր, թէ յառաջիկայ ամառ պիտի վերադառնայ եւ խումբի մը մարզիչի պաշտօնը ստանձնէ:



