Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած նիստին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 2 մրցումով կախակայեց եւ անոր դէմ 500 կէտ (12 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի) տուգանք մը սահմանեց, կիրակի, 24 մարտին տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ – Ռիատի մրցումէն առաջ եւ անոր ընթացքին խումբին համակիրներուն կողմէ կատարուած ոչ մարզավայել բացագանչութիւններուն պատճառով:
Ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր ակումբ պատասխանատու է զսպելու իր համակիրները, որպէսզի անիկա առաջքը առնէ ամէն տեսակի անկարգութիւններուն:
Հալապի եզրափակեց նշելով, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ ոչ մէկ ոտնձգութիւն պէտք է տեղի ունենայ, եւ այս իրողութենէն մեկնելով, ֆետերասիոնը բոլոր անկարգները պիտի պատժէ:


