«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ:
Փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ տասի` նկատի ունենալով, որ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Պոսթըն Սելթիքս եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւս ապահովեցին իրենց տոմսերը:
Սելթիքս 116-106 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտէն, իսկ Քլիփըրզ` Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն, 122-111 արդիւնքով:

Թէեւ Տալաս Մավըրիքսին մաս կազմող Լուքա Տոնքիչ իրագործեց թրիփըլ-տապըլ մը (28 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), սակայն անոր կազմը 125-121 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սաքրամենքօ Քինկզէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Շարլոթ Հոռնեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 125-116 |
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 106-116 |
| Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք | 99-104 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 112-103 |
| Միլուոքի Պաքս – Հիուսթըն Ռոքերթց | 108-94 |
| Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 111-122 |
| Նիւ Օրլինզ – Աթլանթա Հոքս | 120-130 |
| Տալաս Մավըրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ | 121-125 |
| Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 95-92 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 124-106 |
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Ինտիանա Փէյսըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ


