Մարզական

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի-Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2018 - 2019 տարեշրջանի պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան ուրբաթ, 22 եւ կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները.- Ուրբաթ, 22 մարտ 2019 2001/2002/2003 Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Մեսրոպեան 27-32 2004/2005/2006 Ճեմարան - Մեսրոպեան 42-31 2001/2002/2003 Հայ աւետարանական...

Կիրակոս Թնճուկեանի Անուան 2019-Ի Պլոթի Մրցաշարքը Սկիզբ Առաւ

Երէկ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ սկիզբ առաւ Կիրակոս Թնճուկեանի անուան 2019-ի պլոթի մրցաշարքը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հայորդիներու: Մրցումները, որոնք սկսան անմիջապէս, տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր: Մրցաշարքը պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Անոր աւարտին ախոյեան զոյգը, ինչպէս նաեւ երկրորդ եւ երրորդ դիրքը գրաւողները պիտի ստանան արժէքաւոր նուէրներ: Ներկաներուն ուղղուած կոմիտէութեան խօսքին...

Եւրօ-2020. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Ֆինլանտան, Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով: Նախորդ շաբաթավերջին հայրենի կազմը պարտուած էր Պոսնիայէն` 2-1 արդիւնքով: Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորած կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի իր բերդին մէջ ստացաւ կոլ մը:...

Հենրիխ Մխիթարեան. «Նախագահին Հետ Քննարկեցինք Հայկական Ֆութպոլի Զարգացման Վերաբերող Հարցեր»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախանցեալ օր Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց հայկական ֆութպոլի զարգացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ պատմեց իր ձգտումներուն մասին` ազգային խումբին եւ իր ակումբին հետ: Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, Հենրիխ Մխիթարեանի հետ այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ գիւմրեցի երեխայ մը, որուն երազն էր հայկական ֆութպոլի յառաջատարին ստորագրութեամբ...

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ֆութպոլիստներուն Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ֆութպոլիստներուն Հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա, յայտնեց վարչապետին պաշտօնական կայքը: Վարչապետը շրջեցաւ ակադեմիային մէջ, ծանօթացաւ այդտեղ ստեղծուած պայմաններուն եւ անոր ենթակառոյցին: Ֆետերասիոնին պատասխանատուները վարչապետին ներկայացուցին երկրին մէջ ֆութպոլի զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրները: Ապա, վարչապետը հանդիպեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն եւ մարզչական անձնակազմին, որոնք կը նախապատրաստուէին Ֆինլանտայի դէմ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան Մօտեցաւ Յառաջատարներուն

Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին` Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան: Տէր Սահակեան ճերմակ քարերով յաղթեց Վլատիսլաւ Քովալեւին (Պիելոռուսիա), իսկ Մովսիսեան պարտութեան մատնեց ռուս Սեմիոն Լոմասովը: Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, կէս կէտով ետ է դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող 4 խաղացողներէն: Մովսիսեան ունի 5 կէտ:...

Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Տիգրան Կիրակոսեան` Արծաթէ Մետալակիր

22-23 մարտին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցաւ Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը: Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանը ներկայացնող 6 մարզիկներէն երկուքը տիրացան մետալի:                               Տիգրան Կիրակոսեան                                                        Սամուէլ Բադալեան Աշխարհի ախոյեան...

«Էն. Պի. Էյ.». Տեւին Պուքըր Նշանակեց 59 Կէտ, Բայց Սանզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Եութա Ճեզ 125-92 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին, հակառակ անոր որ այս վերջինէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 59 կէտ: Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ երկրորդ երկարաձգումէն ետք 148-144 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրուքլին Նեթցի դէմ: Նեթցէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 39 կէտ: Օրլանտօ Մեճիք յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին (119-98), իսկ վերջին մրցումին...

Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելու Նպատակով. Նէյմար Կը Բանակցի Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հայրը հաստատեց, որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան անոր ակումբին հետ նոր պայմանագրութեան մը գծով: Նշենք, որ ան ֆութպոլիստին գործակալն է: Ան յայտնեց, որ թէեւ իր զաւկին գործող պայմանագիրը կ՛աւարտի երեք տարի ետք, սակայն աշխատանք կը տարուի զայն երկարաձգելու: Ընթացիկ ախոյեանութեան Նէյմար փարիզեան ակումբին հետ կատարեց 23 մրցում` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 11 էսիսթ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Երթուդարձի Մրցումները Աւարտեց Երրորդ Դիրքին Վրայ` 112-97  Արդիւնքով Մեծ Յաղթանակ Մը   Արձանագրելով Ռիատիի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Երթուդարձի Մրցումները Աւարտեց Երրորդ Դիրքին Վրայ` 112-97 Արդիւնքով Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով Ռիատիի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 24 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Ռիատին: Մրցումը բաւական կարեւոր էր երկու կազմերուն համար` նկատի առնելով, որ անոնք երկուքն ալ կը պայքարէին յաղթանակ արձանագրելու եւ այդ արձանագրուած յաղթանակին շնորհիւ գրաւելու երրորդ դիրքը, ինչ որ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ը տխուր օր մը եղաւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար ի մասնաւորի եւ լիբանանեան ֆութպոլի համար` առհասարակ, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ անցեալ ունեցած եւ մարզական պատմութեան մէջ իր անունը ոսկեայ տառերով արձանագրած ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը փոխադրուեցաւ... Գ. դասակարգ` 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք նախավերջին դիրքը գրաւող Նասեր Պար Էլիասէն, Պուրճ Համուտի...

Եւրօ-2020. Հայաստան 2-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պոսնիայէն

Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շաբաթ, 23 մարտին, սկսաւ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, երբ կատարեց իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Պոսնիոյ: «Կրպավիքա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էին 14 հազար հանդիսատեսներ: Հայրենի կազմը պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, որուն ընթացքին կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Ռատէ Քրունիչի նշանակած...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռաուտա Տըքուանէ` 5-8

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պէյրութ - Ռաուտա Տըքուանէ մրցումը, որ կատարուեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին պարտութեամբ` 8-5 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան (5-րդ եւ 36-րդ), Հայկ Խաչերեան (12-րդ) եւ Սեւակ Օհանեան (25-րդ եւ 40-րդ): Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   Յ. Հ. Պ. ԿԷՏ 1.- Մաշաալ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սքուատրա` 46-51

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 մարտին, Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցաւ Սքուատրա - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը (Ա. խմբակ): Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին պարտութեամբ` 51-46 արդիւնքով:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Իտալիա

Երէկ` կիրակի, 24 մարտին, Լիբանանի փինկ փոնկի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջերկրականեան ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար): Լիբանանեան կազմին մէջ են մարզիկներ Միրիամ Հապաշ, Ատնան Հապաշ եւ Պասսամ Սաֆատիէ, իսկ անոնց մարզիչն է` Մուսթաֆա Հապաշ: Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն` Ուտինեզէի մէջ տեղի ունենալիք այս խաղերուն գծով:

Լիմասոլի Մարաթոն. Փինիքիա Սուր Ակումբը Արձանագրեց Պատուաբեր Արդիւնքներ

Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Լիմասոլի մարաթոնին, Փինիքիա Սուր ակումբին մարզիկները արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ: 10 քմ-ի մրցումին, աւելի քան հինգ հազար մասնակցողներուն մէջ Թարեք Հլայհել հանդիսացաւ երրորդ: Իր կարգին, երրորդ հանդիսացաւ Մունթասեր Համիէ, 5 քմ-ի մրցումին մէջ: Աղջկանց ընդհանուր դասաւորման մէջ, 2-րդ դիրքը գրաւեց Կիա Մըթէյրեք (5 քմ): Դասակարգային մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց Ժատ Շմէյսանի, իսկ 10 քմ-ի դասակարգին մէջ Հիւսէյն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Նասեր Պար Էլիաս

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին մնացած է երեք հանգրուան միայն: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին վիճակը դարձեալ կը մնայ մտահոգիչ, անիկա կը գտնուի ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ: ՀՄԸՄ, որ դարձի մրցումները սկսաւ բաւական լաւ ձեւով մը, այժմ հրաշքի պէտք ունի (ինչպէս նախապէս ըսած էինք)` գոյատեւելու համար Բ. դասակարգին մէջ: ՀՄԸՄ-ի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ նախավերջին դիրքին վրայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի Գագաթի Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթուդարձի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 24 մարտին, երբ 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Ռիատիի դէմ: Այս մրցումը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համար այս մրցումը կը նկատուի շատ կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային,...

Եւրօ-2020.  Այսօր` Պոսնիա – Հայաստան

Եւրօ-2020. Այսօր` Պոսնիա – Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այսօր` շաբաթ, 23 մարտին, կը կատարէ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Պոսնիոյ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ժ. խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Իտալիա, Ֆինլանտա, Լիխթնշթայն եւ Յունաստան: Հայրենի կազմը երէկ իր վերջին փորձերը կատարեց Սարայեւոյի մէջ գտնուող Կրպավիցա մարզադաշտին վրայ: Փորձերուն մասնակցեցան Սարայեւօ եկած 25 ֆութպոլիստներէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սքուատրա – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 23 մարտին, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Սքուատրայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբուն վրայ), պիտի սկսի յետմիջօրէ ժամը 14:30-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակով սկսիլ տարեշրջանը:  

Page 720 of 1279 1 … 719 720 721 … 1,279

Արխիւներ