Անգլիական «Միրըր» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ լոնտոնեան Արսենալին հետ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան անորոշ է:
Կը նշուի, որ Արսենալ որոշ սեղմումներ պիտի ընէ, յառաջիկայ ամրան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ 30 տարեկան Մխիթարեան ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներէն մէկն է եւ շաբաթական կը ստանայ 180 հազար սթերլինկ աշխատավարձք:
Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը` Արսենալի հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2021-ի ամառ:



