Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մալթայի դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին արձանագրուած յաղթանակին (2-0), իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ այսպիսով արձանագրեց իր 121-րդ յաղթանակը եւ այսպիսով հաւասարեցաւ նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասի հաստատած մրցանիշին:
Նշենք սակայն, որ Քասիասին կը պատկանի նաեւ Սպանիոյ կազմին հետ ամէնէն շատ մրցում կատարելու մրցանիշը` 167 անգամ: