Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Ռիատի Պէյրութ ակումբը 2 մրցումով կախակայուեցաւ եւ 12 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով, որոնք նախանցեալ օր Պէյրութի դէմ տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) բաւական հարցեր ստեղծեցին եւ ունեցան ոչ մարզավայել արտայայտութիւններ եւ կեցուածքներ:


