Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցաշարքին, որ կը կատարուի երրորդ անգամն ըլլալով:
3-6 ապրիլին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Սուտանէն եւ հիւրընկալ երկրէն խումբեր: Մասնակցողներուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան խումբը:



