Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Մարիա Գէորգեան` Աղջկանց Յառաջատար
Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Մարիա Գէորգեան, որ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ առանձինն կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 4 կէտ: 3,5-ական կէտ ունին Սուսաննա Գաբոյեան եւ Աննա Խաչատրեան: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 4 հանգրուան: Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին...


