Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքս Եւ Քլիփըրզ Յաղթեցին. Ուորիըրզ Եւ Ռոքեթց Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 36-րդ յաղթանակը, երբ 128-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 37 կէտ: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ 128-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 43...

Ճատրակ. Մակնիւս Քարլսըն` Միջազգային Մրցանիշի Հեղինակ

Աշխարհի ճատրակի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն գերազանցեց անպարտելի շարքի աշխարհի մրցանիշը դասական ճատրակի մէջ, յայտնեց ՖԻՏԷ-ին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան, կատարելով իր 111-րդ անպարտելի մրցումը, գերազանցեց հոլանտացի Սերկէյ Թիվիաքովը (110 մրցում): 29 տարեկան Քարլսըն իր այս մրցանիշը հաստատեց Վիյք Աան Զիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, երբ հաւասարութիւն մը արձանագրեց հոլանտացի Եորտեն Վան Ֆորիսթի հետ (Դ. հանգրուան):  

ՖԻՏԷ-ն Շնորհաւորեց Քիքէ Սեթիենին

Քաթալոնական Պարսելոնայի նոր նշանակուած մարզիչ Քիքէ Սեթիեն երէկ ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: Ան ստացաւ յատուկ շնորհաւորանք մըն ալ` Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնէն (ՖԻՏԷ): Սեթիեն ճատրակի մեծ սիրահար մըն է եւ ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ ունի 2055 վարկանշային կէտ: Ինչպէս ծանօթ է, ան Պարսելոնայի հետ ստորագրեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը: Սեթիեն ճատրակի մարզին մէջ մրցում կատարած է նաեւ աշխարհի նախկին ռուս ախոյեան, կրանտմասթըր Անաթոլի...

Պասքեթպոլ. Քարիմ Իզզէտտին Պէյրութի Հետ Կը Մասնակցի Տուպայի Մրցաշարքին

Ինչպէս ծանօթ է, 23 յունուարէն 1 փետրուար տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքը: Այս մրցաշարքին Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երեք խումբեր: Անոնք են` Ռիատի Պէյրութ, Պէյրութ եւ Հուփս: Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Պէյրութի կազմին հետ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Շանվիլի նախկին մարզիկ Քարիմ Իզզէտտին:

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան` Նոր Յառաջատարը

Երէկ` երեքշաբթի, 14 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումները: Երկրին գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Սամուէլ Տէր Սահակեանէն եւ նահանջեց երկրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով նոյնինքն Տէր Սահակեանին, որ ունեցաւ 2,5 կէտ: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, այս հանգրուանին յաղթանակներ...

Ճատրակ. Սերժ Սարգսեան Այցելեց Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիա

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Հայաստանի ճատրակի ակադեմիա, ուր տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 10-րդ միջազգային մրցաշարքը: Անոր կ՛ընկերանային ֆետերասիոնի նախագահ առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեան եւ նախագահի տեղակալ Տարօն Մարգարեան: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներ (շուրջ 533 հոգի): Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք առաջին դիրքին վրայ (3 կէտով) կը...

Բերդապահ Արամ Հայրապետեան Հանդէս Պիտի Գայ Իրանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արամ Հայրապետեան իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իրանի մէջ, ուր հանդէս պիտի գայ Փէյքանի հետ (Բ. դասակարգ): Անոր փոխանցման գծով այլ տեղեկութիւններ չյայտարարուեցան: Ան նախապէս ելոյթ կ՛ունենար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Ուրարտուի (նախապէս` Բանանց) հետ, որուն հետ կատարեց 9 մրցում: Անոր նոր ակումբը 16 խումբերուն մէջ կը գրաւէ 14-րդ վտանգաւոր դիրքը (13...

Տիգրան Բարսեղեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ասթանայի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ասթանայի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ Բարսեղեան իր նոր ակումբին հետ պիտի մեկնի Փորթուգալ` այդտեղ տեղի ունենալիք ուսումնամարզական հաւաքին մասնակցելու համար: Անոր ստորագրած պայմանագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չհաղորդուեցաւ: Նախապէս Բարսեղեան մաս կը կազմէր ղազախական այլ կազմի մը` Քայրաթին, որուն հետ 29 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 14 կոլ:...

Պասքեթպոլ. Արագած Արձանագրեց Մեծ Յաղթանակ Մը

Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ իր կատարած մրցումին, Արագած մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 123-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Գիւմրին: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արագածէն Թէյմին Քամինկզ (27 կէտ):

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Երեւանի Արարատ ֆութպոլի խումբը, վերադառնալով իր արձակուրդէն, երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Խումբը երէկ մեկնեցաւ Սոչի, ուր մինչեւ 30 յունուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: Ակումբին գլխաւոր մարզիչն է Իկոր Քոլիվանով: Նշուեցաւ, որ խումբին հետ փորձառական շրջան մը կը կատարեն շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Արարատ-2-ի երկու ֆութպոլիստներ Ռոման Շահրամանեան եւ Վոլոդիա Իսրայէլեան: Նախատեսուած են նաեւ շարք...

Պարսելոնա Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր մարզիչը` Քիքէ Սեթիենը, որ յաջորդեց Էռնեսթօ Վալվերտէին: 61 տարեկան սպանացին, որ նախապէս եղած է սպանական շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ռասինկ Սանթանտերի, Ռէալ Պեթիսի մարզիչ, ցարդ ոչ մէկ տիտղոսի տիրացած է մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան ելոյթ ունենալով սպանական հինգ տարբեր ակումբներու հետ...

Փեփէ Ռէյնա Տեղափոխուեցաւ Անգլիա

Ա. Սէ. Միլանի սպանացի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա տեղափոխուեցաւ Անգլիա եւ միացաւ Ասթոն Վիլային, յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պիրմինկհեմեան ակումբը Ռէյնան փոխ առաւ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: 37 տարեկան սպանացին փոխարինեց վիրաւոր Թոմ Հիթընը, որ մինչեւ տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Միլանեան ակումբին հետ Ռէյնայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2020-ի ամառը: Ռէյնայի փոխարէն Ա. Սէ. Միլան իր կազմին միացուց (դարձեալ...

Թոքիօ-2020. Ողիմպիականի Վոլիպոլի Մասնակիցները Յստակացան

Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն վոլիպոլի մրցումներուն մասնակցող բոլոր խումբերը յստակացան, երբ աւարտեցան զտումի բոլոր մրցումները, թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջկանց պարագային: Ստորեւ` անոր մասնակցողները. ՏՂԱՔ.- Ճափոն, Լեհաստան, Իտալիա, Իրան, Քանատա, Վենեզուելա, Պրազիլ, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Արժանթին, Ֆրանսա եւ Թունուզ: ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Ռուսիա, Արժանթին, Թուրքիա, Ճափոն, Սերպիա, Պրազիլ, Հարաւային Քորէա, Տոմինիքեան հանրապետութիւն եւ Քենիա:

Մարքինիոս Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Մարքինիոս նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մայրաքաղաքի կազմին հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: 25 տարեկան Մարքինիոս, որ Սեն Ժերմենի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2013-էն ի վեր, անոր հետ ցարդ 270 մրցումի ընթացքին նշանակած է 20 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ ան հինգ...

Սերճիօ Ռամոս` 3 Շաբաթով Բացակայ

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ կատարուած մրցումին վիրաւորուեցաւ, երեք շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 33 տարեկան սպանացին իր կազմին հետ հանդիսացաւ Սպանիոյ գերբաժակակիր:  

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 33-րդ Յաղթանակը. Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 31 Կէտ

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան եօթը մրցումներ: Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 31-րդ յաղթանակը` 128-99 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Լեպրոն Ճէյմս Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ, մինչ Քեւին Լովէ` 21 կէտ: Տիթրոյիթ Փիսթընզ երկարաձգումէն ետք 117-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Նիւ Օրլինզէն: Օքլահոմա...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Մրցաշարք. Ճոքովիչ. «Տիտղոսին Տիրանալու Յստակ Թեկնածու Մը Չկայ»

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է կրան շլեմի բազմաթիւ տիտղոսներու, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ այս տարի տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ կրան շլեմի մրցաշարքին յստակ թեկնածուի անուն կարելի չէ տալ` տիտղոսին տիրանալու առումով: «Կարծիքովս, թէեւ իրենց կատարած ելոյթներով պիտի առանձնանան Նատալ եւ Ֆետերեր, ինչպէս նաեւ` Ցիցիփաս եւ Թիեմ, սակայն կրնայ որեւէ անակնկալ պատահիլ եւ...

Պասքեթպոլ. Ճեքսըն Եւ Թաունզ Եւս Միացան Ռիատիին

Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, իր կազմին միացուց լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուած երկու փորձառու մարզիկներ Տուայն Ճեքսընը եւ Տերիըն Թաունզը: Անոնցմէ առաջ Ռիատի իր կազմին միացուցած էր Մայք Էֆիպրան:

ՖԻՖԱ-ի Նախագահը Արմէն Մելիքբէկեանը Հրաւիրեց Ցիւրիխ

Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նոր անդամները: ՖԻՖԱ-ի նախագահը Արմէն Մելիքբէկեանը հրաւիրած է նաեւ յատուկ հանդիպումի մը` Ցիւրիխի մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ: Նամակին մէջ նշուած է, որ Մելիքբէկեան անկասկած պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերն...

Խորէն Յովհաննիսեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի «Բարձրագոյն Պարգեւ» Շքանշանով

Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննիսեան իր 65-րդ տարեդարձին առիթով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան հայկական ֆութպոլին մէջ ունեցած ներդրումին համար Յովհաննիսեանը պարգեւատրեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի «Բարձրագոյն պարգեւ» շքանշանով: Այս հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նորընտիր անդամները: Իր խօսքին մէջ, Մելիքբէկեան շեշտեց անուանի ֆութպոլիստները մեծարելու անհրաժեշտութիւնը:

Page 641 of 1279 1 … 640 641 642 … 1,279

Արխիւներ