Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան կը շարունակէ մնալ անպարտելի` Սեւիլլայի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց յառաջատար Քիրիլ Շեւչոնքոյի (Ուքրանիա) հետ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ Տիգրան Յարութիւնեան այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց:
Այժմ անոնք երկուքը 5,5-ական կէտով յառաջատարներուն կարգին են: