Անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նիկերիացի գործատէր Ալիքօ Տանկոթէ, որ կը նկատուի Ափրիկէի ամէնէն հարուստ անձը, կ՛ուզէ ձեռք ձգել լոնտոնեան Արսենալի բաժնետոմսերը:
Ան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք միշտ ալ երազած էր գնել Արսենալը:
Բայց եւ այնպէս, այս գործարքը շատ հաւանաբար տեղի ունենայ 2020-ի վերջը, կամ` 2021-ի սկիզբը:
Անոր կարողութիւնը կը գնահատուի շուրջ 11 միլիառ ամերիկեան տոլարով:
Արսենալի բաժնետոմսերուն մեծ մասը կը պատկանի ամերիկացի Սթեն Քրենքէին:



