Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա որոշում տուաւ իր ապագային գծով:
«Տը Թելեկրաֆ» յայտնեց, որ ան, անկախ այս տարեշրջանին արձանագրուած արդիւնքներէն, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը մանչեսթըրեան ակումբին հետ: Ան խումբին հետ կրնայ մնալ մինչեւ 2021:
Կուարտիոլա խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2016-ին եւ անոր հետ դարձաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի կրկնակի ախոյեան:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, այժմ անոր կազմը կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 14 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլէն:



