Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր Լեկանես կը հիւրընկալէ Կեթաֆէն: Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Հիւրընկալ կազմը կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը, մինչ Կեթաֆէ կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:
Հարաւային մատրիտեան այս տերպիի մրցումին, երկու կազմերը իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն իրենք ըլլալու անոր յաղթականը, մանաւանդ Լեկանես, որ կը գտնուի Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ: