Հայրենի կրանտմասթըրներ Կարէն Գրիգորեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն Սեւիլլայի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:

Գրիգորեան, որ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած է, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, յառաջատարներուն կարգին է:
Իսկ Յարութիւնեան, որ ապահոված է 4,5 կէտ, կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 300 ճատրակ խաղացողներ: Անիկա բաղկացած է 9 հանգրուանէ:


