Տուպայի 31-րդ միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտնեցին, որ լիպիական Ահլի ակումբը չուզեց իր մասնակցութիւնը բերել այս մրցաշարքին` յայտնելով իր ներողամտութիւնը:
Անոր փոխարէն մրցաշարքին մասնակցիլ ուզեց Թունուզեան Նաժըմ Ռատըսի խումբը, որ այսպիսով հանդիսացաւ անոր մասնակցող 10-րդ խումբը:
Մասնակցող տասը խումբերը այժմ կը սպասեն վիճակաձգութեան:


