Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի հանդիպումները:
Այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց միայն Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ գերազանցեց Յովհաննէս Գաբուզեանը:
Դ. հանգրուանէն ետք, այժմ Սամուէլ Տէր Սահակեան 3 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: 2,5-ական կէտ ունին Արման Փաշիկեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին Մարիա Գէորգեան, Աննա Խաչատրեան, Նարէ Առաքելեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:
Յակոբեան – Գաբոյեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն չորս խաղացողներ` Գաբոյեան, Խաչատրեան, Գէորգեան եւ Առաքելեան: