Հայաստանի հրացանաձգութեան հաւաքականի անդամ Էլմիրա Կարապետեան յաջողութեամբ հանդէս եկաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած նշանառութեան միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
Ատրճանակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ան կիսաւարտականի մրցումներուն ապահովելով 565 կէտ, գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ապա, աւարտական հանգրուանին, բարելաւելով իր դիրքը, գրաւեց 3-րդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Այս մարզաձեւին կը մասնակցէին 12 երկիրներու ներկայացուցիչներ:



