«Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս հաստատեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանի երկրորդ «Քլասիքօ»-ին թուականը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 մարտին: Անոր ընթացքին «Սանթիակօ-Պեռնապէօ»-ի իր դաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Ինչպէս ծանօթ է, այս տարեշրջանին տեղի ունեցած առաջին «Քլասիքօ»-ն, որ կատարուեցաւ «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով ճերմակ հաւասարութեամբ մը: