Ճատրակ. Այսօր Կ՛աւարտի Հայաստանի 2020-ի Ախոյեանութիւնը
Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց 2020-ի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 19 յունուարին, սակայն երկուքին պարագային ալ ախոյեաններուն անունները չվճռուեցան: Այսօր կը յստականան ախոյեաններուն անունները, երբ կատարուին վերջին հանգրուանի մրցումները: Աղջկանց 75-րդ ախոյեանութեան, 8-րդ հանգրուանին Մարիա Գէորգեան շարունակեց մնալ յառաջատար, երբ երէկ այլ յաղթանակ մը արձանագրելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 7 կէտ: 6,5 կէտ ունի Սուսաննա Գաբոյեան:...


