Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ մինչեւ 2029 թուականը նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Օտի» վաճառանիշով ինքնաշարժներ արտադրող ընկերութեան հետ:
Կնքուած այս համաձայնագիրին համար միւնիխեան ակումբը պիտի ստանայ կէս միլիառ եւրօ:
Պայէրնի պատասխանատուներէն Քարլ Հայնց Ռումընիկէ ըսաւ. «Կնքուած այս համաձայնագիրը կը նկատուի կարեւոր` երկու կողմերուն համար ալ անխտիր»:
Անոնց միջեւ այս համագործակցութիւնը ի զօրու է 17 տարիէ ի վեր:



