Ձմեռնային կարճ արձակուրդէ մը ետք, այսօր կը վերսկսին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, երբ 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի ծիրին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Շալքէ – Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ բացման մրցումը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները կատարուած էին 22 դեկտեմբերին, որմէ ետք խումբերը սկսած էին իրենց ձմեռնային կարճ արձակուրդին:
Լայփցիկ հանդիսացած էր երթի ախոյեան (37 կէտով)` 2 կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով Մէօնշընկլատպախը (2-րդ):